Պէյթ Միսքի Արուեստի Եւ Մշակոյթի Բացօթեայ Ցուցահարթակին Կը Մասնակցին Նաեւ Հայ Արուեստագէտներ

ՍԻԼՎԻ ԳԱՅԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Պէյթ Միսքի (Beit Misk) եւ «Վըրճին ռատիօ»-ի (virginradiolebanon) տնօրէնութեանց, մշակութային ուշագրաւ ձեռնարկի մը բացումը կատարուեցաւ, ուրբաթ, 2 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին հիւսիսային Մեթնի Աթշանա աւանէն անդին` Պէյթ Միսքի «Արուեստի եւ մշակոյթի բացօթեայ ցուցահարթակ»-ին վրայ (Art And-Culture-Showcase): Պէյրութէն 21 քմ հեռու եւ Մեթնի սրընթաց մայրուղիին վրայ կէս ժամէն հասանելի այս գեղատեսիլ ամարանոցի մէկ փողոցը յատկացուած է արուեստի ու մշակոյթի այլազան ձիրքերու ցուցադրութեան, որ կ՛երկարի զոյգ շաբաթավերջերու` 2-4 յուլիս եւ 9-11 յուլիս 2021-ի ընթացքին:

Աւելի քան երեսուն տեղական հաստատութիւններ կը մասնակցին արուեստի գործերով եւ ստեղծագործական տարբեր հնարքներով, կահաւորումի, ձեռագործներու, զարդարանքներու, յուշանուէրներու, նորաձեւութեան, օճառի եւ շպարի քսուկներու (քրեմ) արտադրութիւններով: Կայ նաեւ մանուկներու զբօսման յատուկ բաժանմունք:

Տասնեօթը կրպակներ յատկացուած են լիբանանեան առտնին ուտեստեղէններու, խմիչքի եւ պահածոներու վաճառման համար:

Զանազան երկիրներէ ժամանած աւելի քան քառասուն արուեստագէտներու փաղանգին մէջ ուշագրաւ էր «Առնելի արթ կալըրի»-ի («Առնելի արուեստի ցուցասրահ») տաղաւարը:  Արուեստագէտ ընտանիքի մէջ հասակ առած` երաժշտագէտ, սաքսոֆոնիստ Գրիգոր Առնելեանի դուստրը` Ծովիկ Առնելեան, քանի մը տարիէ ի վեր նախաձեռնած է «Առնելի արթ կալըրի»-ի համացանցային գաղափարի իրագործման: Համալսարանական գեղարուեստի բաժանմունքի մագիստրոսի ուսմանց հետեւող այս ուսանողուհիին ոչինչէն մեկնարկած նախաձեռնութիւնը հիմնական թիրախ ունի` իր եւ իր նման տաղանդաւոր ձեռներէցներու եւ երիտասարդներու արուեստի հմտութիւնները խթանելու եւ ծանօթացման կամրջումի դեր կատարելու հայկական, շրջանային թէ համաշխարհային արուեստի շրջանակներուն հետ: Ապագայ ծրագիրներուն մասին «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` երիտասարդ արուեստագէտը յայտնեց, որ մօտերս իր նախաձեռնած «Առնելի արթ կալըրի»-ի մասնակից 13 արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրուին Ճափոնի մէջ: Պատանի տարիքէն գծելու ձիրքով  յատկանշուող` Ծովիկ Առնելեան իր հիմնած «Առնելի արթ կալըրի»-ի ճամբով կը միտի արուեստի համալսարանական ուսման հետեւած տաղանդաւոր ու մասնագէտ, աւելի քան` սիրողական մակարդակէ, երիտասարդ արուեստագէտները «պատրաստել», անոնց թղթածրարը` փորթֆոլիոն կազմել ու բացայայտել զանոնք միջազգային հարթակներու վրայ: Ան քանի մը տարի պաշտօնավարած է Լիբանանի մէջ գործող արուեստի միջազգային ցուցասրահի մը մէջ, ինչ որ առաւել եւս ամրագրած է անոր «ֆեմինիստ» եւ առհասարակ կիներու կարողականութեան հզօրացման զօրակցութեան թեքումներն ու արուեստի գնահատման ոճն ու հմտութիւնը` նախաքայլերը առնելով ապագայ արուեստաբանի կազմաւորման: Լիբանանի այժմու տնտեսական ու ապրուստի կենցաղային ոչ նախանձելի պայմաններուն մէջ նման քայլի մը մասին հարցումին անդրադառնալով` Առնելեան ըսաւ. «Մենք երբեք չենք յանձնուիր յուսալքութեան ու կը գործենք, այնքան ատեն որ կարող ենք»:

«Առնելի արթ կալըրի»-ի տաղաւարը կ՛ընդգրկէ ձեռնարկին մասնակցելու հրաւիրուած 22 քանդակագործներ եւ գեղանկարիչներ` Հայաստանէն, արաբական աշխարհէն (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս…) ու մինչեւ իսկ հեռաւոր Արեւելքէն (Ճափոն): Պէյթ Միսքի բացօթեայ այս ցուցահարթակին ընդամէնը յիսուն քանդակով եւ գեղանկարչական ստեղծագործութիւններով մասնակցող այս արուեստագէտներու շարքին են նաեւ հայ  երիտասարդ քանդակագործ-գեղանկարիչներ` Գրիգոր Աւեսեան եւ Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան): Աւեսեան կը ներկայանայ իր քանդակով եւ գեղանկարներով, իսկ Գարամուշ կը մասնակցի «Փիուրիթի» (Purity) խորագրեալ իր գեղանկարով:

Link to Article: https://www.aztagdaily.com/archives/515196

 

Artwork by Dzovig Arnelian Sculpture by Krikor Avessian  Painting by Moushegh Karavartanian

Artworks by Dzovig Arnelian, Krikor Avessian and Moushegh Karavartanian